Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Միացեալ Մարմին (ՍԱՐՖ)ը, գաղութիս ղեկավարութիւն ստանձնած կազմակերպութիւններու հաւաքական մարմինը, կը շարունակէ յանձնառու ըլլալ օգնութեան ձեռք երկարելու՝ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի պատճառով անկայուն վիճակի մատնուած է այն երկրի հայկական գաղութին, որ դարեր շարունակ հայերու երկրորդ հայրենիքը եւ ապահով կայան մը եղած էր ցեղասպանութիւնէ վերապրող հարիւր հազարաւոր մեր հայրենակիցներուն համար։ Վերջին շաբաթներու ընթացքին, կարգ մը յայտարարութիւններ եղած են հանրութեան, թէ Միացեալ Ազգերու Գաղթականներու Գերագոյն Խորհուրդը եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը նախաձեռնած են Սուրիացիներու վերաբնակեցման ծրագիր մը, անհատներու եւ ընտանիքներու օգնելու, որոնք տեղահանուած են երկրի անապահով վիճակի շարունակման հետեւանքով։ Վերոյիշեալ յայտարարութիւնները որոնք առ այժմ չեն հիմնաւորուած եւ հետեւաբար անճիշդ ձեւով (խեղաթիւրուած) կը ներկայացնեն ԱՄՆի կառավարութեան Սուրիացի գաղթականներու երկրէն ներս ընդունելու համար փաստաթուղթերու գործընթացը. որոշ անհատներ սկսած են առաջարկել իրենց «ծառայութիւնները» ի դիմաց մեծ գումարներու, սկսելու համար ներգաղթի գործողութիւնները, որոնք չեն իսկ որոշուած նոյն ինքն ԱՄՆի կառավարութեան կողմէ։ Հետեւաբար, մենք կը զգուշացնենք հանրութիւնը որ զգուշաւորութեամբ մօտենայ նմանօրինակ ծառայութիւններու դիմելէ առաջ։ Սուրիոյ հայ գաղութին ամէնօրեայ պէտքերուն հասնելու համար հանգանակային արշաւներ կատարելէ զատ, ՍԱՐՖը շարունակաբար կը հետեւի նոր զարգացումներուն եւ կը հանդիպի պատկան մարմիններու հետ ձեռք բերելու համար համապատասխան տեղեկութիւնները Սուրիոյ տեղահանուած ժողովուրդին ներգաղթի ու գաղթականներու իրավիճակի առընչութեամբ։ Գիտակցելով որ Սուրիահայութիւնը ինչպիսի ծանր պայմաններու մէջ կը գտնուի, մենք հաստատակամ յանձնառութիւնը ստանձնած ենք հասնելու իրենց կարիքներուն։ Վստահ ենք ,որ այս հարցերուն նկատմամբ երբ նորութիւններ կը ստանանք, լրատուական միջոցներով զանոնք կը փոխանցենք գաղութի մեր հայրենակիցներուն:
Գործադիր Մարմին Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Միացեալ
|