Իրաւո՛ւնք ունիք։ Դժուարահունչ, դժուար հնչուող մականուն մըն է ասիկա։
Բայց կ՛արժէ որ երբեմն-երբեմն հնչե՛նք այս դժուար մականունը ու յիշատակենք ատոր ետին կանգնած վաստակաւոր կղերականը, որ ուրիշ մէկը չէ՝ եթէ ոչ ԳԱՐԵԳԻՆ ԵՊԻՍԿ. ՍՐՈՒԱՆՁՏԵԱՆՑԸ։
1880-ական թուականներուն, Պոլսոյ մէջ, Խրիմեանի, Նարպէյի, Ներսէս պատրիարք Վարժապետեանի հետ՝ ամէնէն շատ յեղյեղուած անուններէն մին էր Սրուանձտեանց, որ իր ամբողջ հոգին նուիրած էր հեռաւոր ԳԱՒԱՌԻՆ՝ փրկելու ու գիրի վերածելու համար անոր նիւթական ու աննիւթական անվերջանալի հարստութիւնները։
Արդարեւ, վանեցի այս զուարթ վարդապետը, որ Խրիմեանին աշակերտեր էր Վարագայ վանքին մէջ, մի՛շտ նախընտրեց հեռանալ Վոսփորի «գեղածիծաղ» ափերէն ու երթալ շնչել գաւառին տոհմիկ օդը…։ Հոգեւոր պաշտօններ ստանձնեց Վան, յետոյ Տարօն (Ս. Կարապետ), ուր խմբագրեց «Արծուիկ Տարօնոյ» թերթը։
Յետոյ, իր երիտասարդական ամբողջ կորովը տրամադրեց ազգագրական, վիճակագրական կամ տեղագրական գրառումներու, ջորիի մը վրայ հեծած՝ շրջելով գաւառէ գաւառ ու ականջ տալով մեր ժողովուրդին ստեղծած հէքեաթներուն, աւանդութիւններուն, դիւցազներգութիւններուն…։
Միայն այդքան չէ՛։ Ան, համբերութեամբ գրի առաւ մեր հայրենի երկրին (Վասպուրականէն Ակն եւ Մուշէն Տրապիզոն) բնական, աշխարհագրական ու պատմական գեղեցկութիւններուն մասին իր տեսածները, նկարագրեց լեռներն ու վանքերը, գերեզմանատուներն ու խաչքարերը, խուցերու մէջ պահուած ձեռագիր մատեանները, նոյնիսկ ծաղիկներն ու բուսական աշխարհը…։ Այլ խօսքով, փրկեց ա՛յն՝ որ 1915-ին պիտի ոչնչանար ընդմիշտ…։
Շատ կանխահաս մահ մը ունեցաւ Սրուանձտեանց։ Հազիւ 52 տարեկան էր ան՝ երբ կը փակէր իր աչքերը Պոլսոյ Ազգ. Հիւանդանոցին մէջ, 1892-ին։
Իր ետին կը թողուր սակայն ԱՆԿՈՐՆՉԵԼԻ վաստակ մը, գիրքերու թանկագին շարք մը,- «Թորոս աղբար», «Համով հոտով», «Մանանայ» եւայլն։
Սա «Թորոս աղբար» անունը, զորօրինակ, թող չխաբէ ձեզ։ Վէպ մը չէ ասիկա։ Իր ուղեւորութիւններուն ընթացքին գրի առնուած տեղագրութիւններուն ժողովածուն է անիկա։ Եւ մի՛ զարմանաք, եթէ յայտնեմ, որ Թորոս աղբարը անձի մը անունը չէ, այլ՝ ծովային թռչունի մը անունը…։ Իսկ «Համով հոտով»ը համն ու հոտն է Հայաստանի հողին ու ջուրին…։
Այսօր, հաճոյքով կարդացի իր մասին Յ. Օշականի արժեւորումները («Համապատկեր»)։ Մեծ գրաքննադատը կը գրէ.-«Ի վերջոյ ո՞վ է գրագէտը եթէ ոչ ան՝ որ պահ մը, աշխարհ մը, ոգի մը կը փրկէ։ Այս տարազը Սրուանձտեանց կը կրէ մեր մեծ գրողներու բոլոր արժանաւորութեամբը»։
Լ. ՇԱՌՈՅԵԱՆ
|