ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ ԳՐԱՆՑՎԵԼ ՄՈՒՏՔ /ՈՒՐ / 2024-04-19 / 5:14:38 PM /



ПОИСК НА САЙТЕ / SEARCH







 
» ԱՂԱՆԴՆԵՐԻ ԵՎ ՍԱՏԱՆԻԶՄԻ ԴԵՄ ՊԱՅՔԱՐ [104]
» ԱՆՑՈՒԴԱՐՁ [63]
» ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿ [52]
» ԲՌՆՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐԻ ԵՎ ԹՐԱՖԻՔԻՆԳԻ ԴԵՄ ՊԱՅՔԱՐ [27]
» ԳԵՆԴԵՐ / ՍՈՑԻԱԼԱԿԱՆ [27]
» ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՓՈԽՀԱՐԱԲԵՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ [48]
» ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ [81]
» ԿՐԹՈՒԹՅՈՒՆ / ԳԻՏՈՒԹՅՈՒՆՆ ԱՅՍՕՐ / IT [41]
» ԱՐՎԵՍՏ / ԱՐՀԵՍՏ / ՄՇԱԿՈՒՅԹ [9]
ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ » 2013 » ԱՊՐԻԼ » 14 » Թուրքիայի վերջին հայկական գյուղը. Մաս 2-րդ
11:25:58 AM
Թուրքիայի վերջին հայկական գյուղը. Մաս 2-րդ
Վաքըֆ գիւղի հայերէն բարբառը, նկատի առնելով որ իր բնակիչներուն տարիքը օր 
օր կը յառաջանայ, անհետացման վտանգի տակ կը գտնուի։ Դժբախտաբար միայն լեզուն չէ որ կը նուաղի Վաքըֆլըի մէջ, այլ կը նուաղին նաև հին 
աւանդութիւնները ու անոնց կը գերազանցէն նոր սերունդներու սովորութիւնները։ Ճանիք կը բացատրէ թէ 1950 ական թուականներուն, իրենց գիւղի մէջ ժողովուրդը լաւ չէր դիմաւորէր եթէ զոյգ մը հասարակութեան մէջ իրարու հետ տեսնուէր։ Նոյնիսկ երբ ինք զինուորութեան պարտականութեան համար պիտի հեռանար իր գիւղէն, վերջին օրը հրաժեշտի պահուն երբ ան բռնած էր իր կնոջ ձեռքը, ասիկա անհանգստութիւն պատճառած էր ժողովուրդին։ Հիմա 12 տարիներ են որ գիւղին մէջ նոր ամուսնութիւն մը չէ իրականացած :

Ապագան յոյս չի տար: Երիտասարդները վերականգնումի օդը կը շնչեն։ Անոնք մշակոյթ, ուսում, լաւ ապագայ կը ցանկան բայց թիւրին ապրուստ կը փափաքին ու այս նպատակով կը ձգեն իրենց գիւղը և կը հեռանան իրենց մէջը կրելով այն յոյսը որ օր մը իրենց մեծ հայրերուն նման պիտի վերադառնան իրենց գիւղը։ Այսպէսով Վաքըֆլը գիւղը օրէ օր կը պարպուի: Մելինէ որ տասնըհինգ տարեկան մանկամարդ աղջիկ մըն է որ ապագային կը փափաքի հոգեբան ըլլալ, կը գանգատի ըսելով թէ ժամանակը որքան արաք կանցնի Վաքըֆ գիւղի քան թէ Պոլսոյ մէջ ուր հոն ինք կուսանի։ Գիւղին մէջ գործի 
 նարաւորութիւնները սահմանափակուած են։ Նարնջենիներով լեցուն հովիտները զիրենք կը հպարտացնեն դեռևս բայց բաւարար չեն անոնց բոլորին համար եկամուտ ապահովելու: Վաքըֆլըի մէջ մարդիկ բոլոր օրը կաշխատին բայց այդ դժուար աշխատանքի փոխարէն անոնց շահած դրամը հազիւ կը բաւէ իրենց միայն իրենց առօրեայ հացը ապահովելու:

<<Եթէ ապրուստի և դրամ շահելու համար պայքարելու ստիպուած չէք Վաքըֆ գիւղ շատ գեղեցիկ վայր մըն է >> կըսէ Թորոս որ տեղացի համեստ մարդ մըն է որ Շիրին անունով սիրուն շուն մը ունի։

Վիգէն որ իր ուսումը նոր աւարտած երիտասարդ մըն է ու չի ցանկար մեծ հաստատութիւններու մէջ աշխատիլ այլ որոշած է հոն մնալ ու իր պտուղները հասցնել, մեզ կըսէ թէ ան վճռած է հոն մնալ գոյատևեցնելու համար իրենց գիւղը բայց գիտակից է թէ գիւղը օր է օր կը պարպուի ։

- Հիսու՜ն տարիներ յետոյ ...

Նախադասութիւն մը որ վախ կը պատճառէ բոլորին։Երիտասարդները կը մեկնին, նոր ընտանիքներ չեն կազմուիր այդպէս կը դուի թէ Մուսա Լեռան քաղցր բլուրները կը դատարկուին։

«Կը յուսամ թէ Վաքըֆլը շարունակէ ըլլալ Թուրքիոյ միակ Հայկական գիւղը, բայց անտարակոյս ան յառաջիկայի հիսուն տարիներու մէջ պիտի կորսնցնէ իր յատկութիւններէն շատերը։ Ի ՜ նչ կրնանք ընել այսպէս է կեանքը» կըսէ երիտասարդ Անուշ ունենալով իր դէմքին վրայ դառնութեան ծանր արտայայտութիւն մը։ Իսկ Մելինէ, մեզ կը բացատրէ թէ ինք կուսանի Պոլսոյ մէջ ուր պիտի մնայ երկար տարիներ բայց կըսէ թէ 2062 թուականին երբ ան հանգստեան պիտի կոչուի կը յուսայ ետ Վաքըֆգիւղ վերադառնալ: Այդպէս ինչպէս ըրած են իր մեծ հայրը և բոլոր անոնք որոնք որոշ շրջանէ մը վերջ վերադարձած են իրենց գիւղը։ Բոլորը կը երազեն օր մը վերադառնալ իրենց գիւղը, յուսալով որ այս ժամանակամիջոցի մէջ ան վերածուած ըլլայ վերածաղկած ու բարգաւաճ գիւղի մը։ Իրենք յոյս ունին որ զբօսաշրջութիւնը զարգանայ իրենց գիւղին մէջ որովհետև անոնք կը հաւատան որ միայն զբօսաշրջութեան շնորհիւ է որ իրենց գիւղի բնակչութիւնը կրնայ աճիլ, իրենց պարտէզները կրնան դարձեալ ծաղկիլ և իրենց տուները կրնան դարձեալ խանդավառուիլ։ Վիգէն կըսէ որ ան վճռած է չի ձգել իր նարնջենիները ու չի հեռանալ ինչ որ ալ ըլլան պայմանները։ 


Սէնտի Ճէնթիլեծծա 

ԲԱԺԻՆ: » ԱՆՑՈՒԴԱՐՁ | WEBmaster: HAYKKISEBLYAN P.R.+775 ՎԱՐԿԱՆԻՇ 0.0/0
ԲՈԼՈՐ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐԸ: 0
Добавлять комментарии пользователи.
[ Регистрация | Вход ]
ԿԻՍԵԲԼՅԱՆ ՀԱՅԿ / KISEBLYAN HAYK / КИСЕБЛЯН АИК
«  ԱՊՐԻԼ 2013  »
ԵՐԿԵՐՉՐՀՆՈՒՐՇԲԿՐ
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930





free counters
Musaler INFO project, by Hayk Kiseblyan